Արեւմտահայերէնի կանոնարկման եւ զարգացման հարցերը «Յառաջ»ի էջերուն մէջ
Résumé
Ce court essai évoque l’apport linguistique normatif du quotidien Haratch à l’arménien occidental, parlé par la majorité des Arméniens en exil dans les deux premiers tiers du 20e siècle. Des articles et éditoriaux par le fondateur du journal, Chavarch Missakian, et l’un de ses collaborateurs, l’écrivain et homme de presse Chavarch Nartouni, illustrent l’engagement de Haratch en défense de la langue arménienne occidentale et l’héritage linguistique qu’a représenté cet unique quotidien arménien en Europe, publié à Paris de 1925 à 2009.
Entrées d’index
Mots-clés :
langue, arménien occidental, presse, lectorat, diaspora, exil, identité, nation, assimilationTexte intégral
- 1 1925-ին հիմնադրուած «Յառաջ» պարբերաթերթը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ ֆրանսահայութեան «այցեքարտ»ը եւ գո (...)
120-րդ դարասկզբին, ժամանակակից արդիական ճարտարագիտութիւններու բացակայութեան պայմաններուն, տպագիր մամուլին դերը՝ ազգի ինքնութեան պահպանման եւ համախմբումի հարցին մէջ շատ աւելի նշանակալից եղած է, քան ներկայիս։ Սա յատկապէս կը վերաբերի հայրենիքէն դուրս բնակող ազգային հաւաքականութիւններու, որ գոյաբանական խնդրոյ առջեւ կը գտնուին՝ ազգապահպանումի եւ ուծացումէ խուսափելու համար։ Այս պատճառաւ սոյն ուսումնասիրութեան նիւթ ընտրած ենք Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ամենէն հին հայալեզու տպագիր օրաթերթի՝ «Յառաջ»ի1 խաղացած դերը իբրեւ մայրենի լեզուի կանոնարկման եւ զարգացման ոչ-պաշտօնական «հաստատութիւն», որ օտարութեան մէջ ստանձնած էր հայապահպանումի առաքելութիւնը։ Սոյն յօդուածին մէջ առանձնայատուկ ոսպնեակի տակ կ’առնենք հայեացքները երկու Շաւարշներու՝ Շ․ Միսաքեանի եւ Շ․ Նարդունիի, իբրեւ «Յառաջ»ի երկու գաղափարախօսական հսկաներ, որոնք զուրկ չէին նաեւ քաղաքագիտական հոտառութենէ եւ գրական-գեղարուեստական ճաշակէ։
- 2 «Յառաջ»էն զատ, Ֆրանսայի մէջ հիմնադրուեցան այլ պարբերաթերթեր եւս, որ կա՛մ համեմատաբար ոչ-երկար կեանք (...)
- 3 Սկզբնապէս «Յառաջ»ը եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի կազմակերպութեան պաշտօնաթերթ, յետագային, սակայ (...)
21915-ի Ցեղասպանութենէն յետոյ Ֆրանսան դարձած էր Եւրոպահայութեան կեդրոնը՝ անոր շնորհիւ, որ այստեղ կը ձեւաւորուէր Եւրոպայի ամենէն մեծ եւ աշխոյժ հայկական համայնքը։ Այս հանգամանքն, իր կարգին, հետեւանք էր արտաքին աշխարհաքաղաքական ասպարէզին վրայ եւ մասնաւորաբար իր մերձաւորարեւելեան քաղաքականութեան մէջ Ֆրանսայի դիրքաւորման՝ որպէս Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպան եւ հովանաւոր։ Նշուած երկու գործօնները հաշուի առնելով՝ անշուշտ պատահական չէ, որ ֆրանսահայութեան կողմէ հիմնուած հաստատութիւնները, ի շարս որոնց եւ մամուլը, տարիներ շարունակ առաջատար դեր կը խաղային Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ բնակութիւն հաստատած հայերուն համար2։ Անհրաժեշտ է ի նկատի ունենալ նաեւ այն հանգամանքը, որ 1918-ին հիմնուած Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան դաշնակից պետութիւններուն մէջ Ֆրանսան ամենէն մեծ կշիռն ունէր, եւ ուստի 1920-ի խորհրդայնացումէն վերջ ՀՀ իշխող կուսակցութեան՝ ՀՅԴ-ի շատ պարագլուխներ եւ անոնց ազգականները բնակութիւն հաստատեցին Ֆրանսայի մէջ3։
3Աւանդաբար արեւմտահայերէնը Ֆրանսայի մէջ կը սեպուի իբրեւ հայութեան «պաշտօնական» լեզուական տարբերակ՝ տրուած ըլլալով այն հանգամանքը, որ ֆրանսահայ Սփիւռքի հնաբնակներուն կորիզը կազմած են երբեմնի Օսմանեան Կայսրութեան տարածքէն 1915-ի Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագաղթած հայերը, որոնց մայրենի լեզուն արդի հայերէնի՝ աշխարհաբարի արեւմտահայ գրական տարբերակն էր (համառօտ՝ արեւմտահայերէն)։ Նոյնիսկ եթէ այդ հայերը շատ դէպքերուն թրքախօս էին, միեւնոյն է՝ որպէս իրենց հարազատ լեզուական տարբերակ միշտ ալ կը գիտակցուէր արեւմտահայերէնը, քանի որ ան Պոլսոյ հայ համայնքի գրական-մշակութային լեզուն էր։ Բնական է, որ Ֆրանսա հաստատուելէն ետք, սեփական ինքնութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գործին մէջ արեւմտահայերէնը պէտք է դառնար հայութեան համախմբող գործօններէն ամենէն կարեւորներէն մէկը, եթէ ոչ ամենէն կարեւորը։ «Յառաջ»-ը տասնամեակներու ընթացքին դարձաւ ոչ միայն արեւմտահայերէն գրական տարբերակի պահպանման եւ զարգացման դարբնոց, այլեւ Սփիւռքի մէջ (արեւմտա)հայ ինքնութեան խորհրդանիշ։
«Յառաջ»ի հիմնումը
- 4 «Յառաջ» անունը թարգմանութիւնն է գերմաներէն Vorwârtz բառի. այսպէս կը կոչուէր գերմանական SPD (le part (...)
4«Յառաջ»ի գրեթէ մէկդարեայ գործունէութիւնն անշեղօրէն կապուած է Միսաքեան ընտանիքին, մասնաւորաբար՝ հայր եւ դուստր Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեաններու անուան հետ․ անոնք էին, որ 20-րդ դարու ընթացքին եւ 21-րդ դարասկզբին իրենց անձնատուր նուիրումով յառաջ տարին «Յառաջ»ը4։
5Փարիզեան «Յառաջ»ի հիմնադիրը եւ խմբագիրը մինչեւ 1957 թուականը՝ Շաւարշ Միսաքեանն էր (1884-1957), որ ֆրանսահայութեան կորիզը կազմող «թրքահայութեան» նման, ինքն ալ ծնունդով Փոքր Ասիոյ արեւելեան շրջաններէն էր՝ Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղէն։ Աւազանի անունով՝ Եղիազար, յետագային ընդունեց Շաւարշ գրական ծածկանունը եւ իր հրապարակախօսութիւններու ներքեւ յաճախ ուղղակիօրէն կը ստորագրէր՝ Շ.։ 6 տարեկանին իր ընտանիքը փոխադրուեր էր Կ. Պոլիս։ 1922-ին, երբ Քեմալականներու իշխանութիւնը հետզհետէ ամրապնդեց իր դիրքերը եւ նոր հալածանքներու վտանգ յառաջացաւ, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն եւ անցնելով Պուլկարիոյ վրայով՝ 1924-ին հաստատուեցաւ Փարիզ։ 1925-ին ըտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Օգոստոս 1-ին հիմնեց «Յառաջ»ը, որ սկզբնապէս լոյս կը տեսնէր իբրեւ երկօրեայ թերթ, իսկ 1927 Յունուար 1-էն արդէն՝ որպէս ամենօրեայ թերթ։ Ըստ այդմ, «Յառաջ»ը Եւրոպայի առաջին եւ միակ հայկական օրաթերթն էր (սկզբնապէս լոյս կը տեսնէր շաբաթական երեք անգամ)։ 1940-ի Յունիսին, գերմանական ներխուժման հետեւանքով, Շաւարշ Միսաքեանը բազմաթիւ այլ պարբերականներու խմբագիրներու նման կամաւոր ձեւով 5 տարի կը դադրեցնէ «Յառաջ»ի հրատարակումը։ 2009-ին, երբ «Յառաջ»ի լոյս ընծայումը դադրեցաւ, այդ պահուն ան կը շարունակէր մնալ Արեւմտեան Եւրոպայի միակ հայերէն օրաթերթը։
Յանուն լեզուական անկախութեան
- 5 «Յառաջ», 1 Օգոստոս 1925, թ. 1, էջ 1։
6«Յառաջ»ի ճիշդ առաջին թիւի խմբագրականին մէջ Շաւարշ Միսաքեան պատկերաւոր ձեւով կը նշէ՝ «Մենք տաշեղներ ենք այն զարհուրելի յորձանքին մէջ որ եւրոպական քաղաքակրթութիւն կը կոչուի, որուն ալիքները կը քշեն կը տանին, կը տարրալուծեն ամէն բան»5։ Իր ձեռնարկած գործին ամենէն սկիզբէն իսկ գիտակցած ըլլալով, որ համընդհանուր համաշխարհայնացումի հոսանքին հակառակ պիտի երթայ՝ Միսաքեան, այնուամենայնիւ, հաստատակամօրէն յառաջ կը մղէր իր նպատակադրած գաղափարները։
- 6 Շ․ Միսաքեան, «Յանուն լեզուի անկախութեան», Հայկաշէն։ Վարուցան գրականութեան եւ արուեստի, հ․ 2, Փարիզ, (...)
- 7 Անդ, էջ 1։
- 8 Անդ, էջ 1։
- 9 Անդ, էջ 2։
7Յատկապէս կարեւոր եղած է Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը՝ արեւմտահայ արձակը հրապարակախօսական լեզուի վերածելու գործին մէջ, անշուշտ Ռուբէն Զարդարեանի հետ միասին։ Ծանօթ է Միսաքեանի «Յանուն լեզուի անկախութեան» խորագիրը կրող խմբագրական յօդուածներու շարքը, զոր միասնաբար առանձնատիպով հրատարակուեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտի օրերուն՝ 1943ին, երբ «Յառաջ»ը առժամեայ պարապուրդի մէջ էր6։ Այս յօդուածաշարը նուիրուած էր առհասարակ հայող լեզուի մաքրութեան եւ հայերէնը թրքական փոխառութիւններէ մաքրելու կարեւորութեան գիտակցումին։ Թրքական ծագման բառերը մեր մայրենի լեզուին մէջ Միսաքեանը կը կոչեր թաթարաբանութիւններ եւ կը բնութագրէր Խաչատուր Աբովեանի խօսքով. «Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր Թաթարն է թառել մեր կրծքի վրայ»7։ Միսաքեանի պայքարի սլաքը ուղղուած էր ոչ այնքան անոր, որ ժողովրդախօսակցական լեզուն ազատուի օտար փոխառութիւններէն, որքան գրականը զտելուն, քանի որ ինչպէս ինք կը գրէր՝ գրական լեզուն «հարս-փեսայ դարձած է թուրք-թաթար լեզուական ընտանիքին հետ՝ կնքահայրութեամբ մեծատաղանդ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու»8։ Իբրեւ քաղաքական եւ հանրային անկախացման ամենատարրական գրաւական՝ Շաւարշ Միսաքեան կը համարէր լեզուի «ազատագրումը»՝ «որոմը ցորենէն զատելով»9։
- 10 «Յառաջ», 8 Յունուար 1957, թ. 7776, էջ 1 (արտատպուած՝ 30-31 Մայիս 2009, թ. 22.214, էջ 2)։
- 11 Անդ, էջ 1։
8Իր մէկ այլ խմբագրականին մէջ, զոր վերնագրուած է «Տէր եղէք ձեր կոչումին», Շ․ Միսաքեան, խօսելով հայ երիտասարդութեան մասին, մասնաւորաբար՝ անոնց մասին, որ կը զբաղէին հանրային-քաղաքական գործունէութեամբ, կը պնդէր, որ «բացարձակ պայման է հայերէն սորվիլ, ժողովները եւ թղթակցութիւնները վարել մայրենի լեզուով։ Ապա ուրեմն ուշադրութեամբ հետեւիլ պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ գրականութեան դասերուն, ինչպէս եւ զանազան դասախօսութեանց»10։ Միսաքեանի կարծիքով՝ երիտասարդութիւնը որեւէ արժէք չունի, եթէ կը խուսափի այս տարրական պարտականութենէն. այդ պարագային ան կը դառնայ սոսկ անգոյն բազմութիւն, իսկ հայրենի մշակոյթն ալ՝ լոկ անշարժ կալուած. «նոր երիտասարդութիւնը ոչ թէ վաղուան յոյս կամ լոյս, այլ դաշտի բոյս անգամ չի կրնար դառնալ՝ առանց սերտօրէն կապուելու իր ժողովուրդին մշակոյթին հետ։ Տարագիր բազմութիւնները պէտք չունին ո՛չ սալոնական, ո՛չ ալ աշխարհաքաղաքացի երիտասարդութեան մը։ Օրուան պահանջն է սերունդ մը, որ միջավայրէն ստացած ուսման վրայ բարդէ, անոր հետ ներդաշնակէ իր հայրենի պատմութիւնն ու մշակոյթը, որպէսզի կարենայ պահել եւ զարգացնել ժառանգութիւնը... Երիտասարդութեան կոչումն է՝ ջահեր վառել եւ ոչ թէ կերոն բռնել»11։
- 12 Սկիզբը՝ «Յառաջ», 7 Օգոստոս 1925, 3, էջ 1։
9Շ․ Միսաքեանի նուիրեալ համախոհներէն մէկը եղած է Շաւարշ Նարդունի, որ իր ստեղծագործական նորամուտը «Յառաջ»ի էջերուն մէջ նշանաւորած է նախ գեղարուեստական կարճ գրուածքով՝ գողտրիկ պատմուածքով մը12։ Այնուհետեւ սկսած է նաեւ հրապարակախօսական նիւթեր զետեղել «Յառաջ»ի թիւերուն մէջ։
- 13 «Յառաջ», 26 Յուլիս 1958, թ. 8252, էջ 2 (արտատպուած՝ 30-31 Մայիս 2009, թ. 22.214, էջ 2-3)։
- 14 Անդ, էջ 2։
- 15 Անդ, էջ 2։
101958 թ․ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ («Շ. Միսաքեան՝ ախոյեան արեւմտահայերէնի»13), Շաւարշ Նարդունի կ’անդրադառնար Շաւարշ Միսաքեանի լեզուաշինական գործունէութեան։ Նարդունի կը համարէր, որ այդ ժամանակահատուածի արեւմտահայերէն գրական լեզուի զարգացութեան բարձր աստիճանը մեծապէս պայմանաւորուած էր Շաւարշ Միսաքեանի «զտման եւ մշակման» աշխատանքով։ Նարդունի կը բաղդատէր այդ գործունէութիւնը՝ հայ երգարուեստի կալուածին մէջ Կոմիտասի կատարած աշխատանքի հետ, որ իր քաղած ժողովրդական երգերը մշակեց թէ՛ բառերով, թէ՛ եղանակով։ Նմանապէս, Միսաքեան, ըստ Նարդունիի, «դուրս նետեց թրքական սեւ որոմը, արտին քարն ու զպռտուկը, առաւ սպիտակ եւ ազնիւ մարմուսը՝ տալու համար նաշիհ, ամենէն նուրբ ալիւրը՝ թաւշանման եւ քաղցրահամ»14։ Նոյն սկզբունքներով ան կը պահանջէր առաջնորդուիլ նաեւ «Յառաջ»ի միւս աշխատակիցներէն։ «Լեզուի մաքրութեան իր սէրն էր, որ կը մղէր զինք համբերութեամբ սրբագրելու իր մեծ ու պզտիկ աշխատակիցներուն լեզուն,- այսպէս է որ գոյութիւն ունի այսօր «Յառաջ»ի հայերէն մը»,- կը նշէ Նարդունի իր յօդուածին մէջ15։
11Նարդունի նոյնպէս, Շաւարշ Միսաքեանի նման, դէմ էր այն միտքին, թէ ժողովուրդը պէտք է ձեւաւորէ եւ զարգացնէ իր լեզուն։ Անոնք հաւատացած էին, թէ գրական լեզուն պէտք է յղկեն ու կատարելագործեն յատուկ պատրաստութիւն ունեցող անձեր՝ գրագէտներ։ Նարդունիի կարծիքով՝ նոյնիսկ Խաչատուր Աբովեան
- 16 Անդ, էջ 2։
ի վիճակի չէր ըմբռնելու այս գաղափարին վտանգը։ Ոչ ալ այն «իրապաշտ» [Պոլսոյ] գրագէտները, որոնք ժողովուրդը խօսեցնելու կամ գրականութիւնը ժողովուրդին տանելու հրաւէրին մէջ, դիւրին յաղթանակներ միայն փնտռեցին։ Տարազը գեղեցիկ էր, նոյնիսկ նուիրական, բայց ոչ յատուկ մեր պայմաններուն կամ ցորենի այն արտին, ուր սեւ որոմն ու կարմիր հարսնուկը, տեղին աշխարհագրական անունն իսկ փոխելու աստիճան շատցած, կրնային խաթարել հունձքին որակը։16
12Այստեղ իրաւամբ յղում կը կատարուի այն փաստին, որ անգամ բնիկ տեղանունները պատմական Հայաստանի տարածքին շատ յաճախ մոռցուած եւ փոխարինուած էին օտարածագում եւ օտարահունչ անուններով։ Ուստի վտանգաւոր կը նկատուէր ժողովրդախօսակցական լեզուին եւ բարբառային բառամթերքին մեծ տեղ տալը՝ առանց քննադատական մօտեցումի եւ զտումի։
13Առհասարակ, կը համարուի, որ գրական արեւմտահայերէնը 20-րդ դարակէսին հասաւ կատարելութեան աննախադէպ մակարդակի մը, եւ այս հանգամանքը յատկապէս խորհրդանշական էր՝ Ցեղասպանութենէն 50 տարի անց, պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ։ Դարձեալ ըստ Շաւարշ Նարդունիի
- 17 Անդ, էջ 2։
Շ. Միսաքեան կատարեց [արեւմտա]հայ լեզուին մէջ, ինչ որ կատարեց Կոմիտաս հայ երաժշտութեան մէջ,- զտում, մշակում... Եթէ արդի արեւմտահայերէնը հասած է մինչեւ այժմ չգերազանցուած բարձրութեան մը,- եւ իրողութիւն է ասիկա,- շատ բան կը պարտինք Շ. Միսաքեանի»17։
- 18 «Ի՞նչ յատկանիշով կը ներկայանայ այս տարազը։ Նախ ուղիղ քերականութիւն մը։ Չխախտել համաձայնութեան աւանդ (...)
14Բնականաբար, այս վարպետութիւնը հետեւանք էր տարիներու գրական փորձի եւ աշխատանքի։ Այս առումով, հետաքրքրական է հետեւիլ Շաւարշ Միսաքեանի լեզուի զարգացումներուն ու փոփոխութիւններուն՝ սկսած «Սուրհանդակ»էն մինչեւ «Յառաջ»։ Ուսումնասիրած ըլլալով անոր լեզուն եւ ոճը, Նարդունի կը գրէր. «Սկիզբը, աւելի երկար էր իր պարբերութիւնը։ Տարօրինակ խորշանք մը ցոյց կուտար հանդէպ կարգ մը բառերու,- զգլխիչ, ըմբոշխնել։ Հնչական դժուարութի՞ւնն էր պատճառը,- չեմ կարծեր, աւելի դժուար արտասանելի բառեր ալ ունինք»։ «Յառաջ»ի հայերէնին, ըստ Նարդունիի, բնորոշ էր յատուկ «տարազ» մը18։
- 19 Անդ, էջ 2։
Արեւմտահայերէնն իր ծայրահեղ մաքրամէտութեամբ, ինչ որ միանգամայն բնական էր Սփիւռքի ուծացնող պայմաններուն մէջ, յատկապէս ամրապնդուեցաւ եւ բիւրեղացաւ ճիշդ այս ժամանակաշրջանին։ Շաւարշ Միսաքեան «լեզուն հարստացնելու, ճոխացնելու համար՝ կ’առաջարկէր ոչ թէ գործածել օտար բառեր, ինչպէս սովորութիւն է կարգ մը արեւելահայ գրողներու մօտ, այլ նախ փնտռել համապատասխանը մեր հին մատենագրութեան մէջ, երկրորդ՝ մեր բազմաթիւ բարբառներու մէջ։ Եթէ կը պակսի, կերտել նորը՝ վարպետութեամբ եւ համաձայն մեր լեզուին օրէնքներուն։ Այս մտահոգութեամբ՝ «Յառաջ» մեր լեզուին տուած է նորակերտ բազմաթիւ բառեր՝ յաջող եւ գեղեցիկ։ Կ’ընդունէր, որ Երեւանի մէջ եւս այժմ կը գործածուին բառեր, որոնք կա՛մ առնուած են հին մատենագրութենէն, կա՛մ կերտուած են նորապէս եւ վարպետութեամբ։ Իր սիրած խօսքն էր՝ «արդի աշխարհաբարի մեծագոյն ուսուցիչը... գրաբարն է»19։ Ըսել է՝ շատ յաճախ անհրաժեշտութիւն չկար ճարտարագիտական նորագիւտ երեւոյթներուն համար օտարակազմ եզրոյթներ գործածելու կամ արհեստածին եւ շինծու բառեր յօրինելու, այլ կարելի էր պարզապէս գրաբարի բառապաշարէն պեղել-հանել վաղուց մոռացուած բառերը եւ անոնց նոր շնչառութիւն ներարկելով ու նրբիմաստային փոփոխութեան ենթարկելով՝ մղել արդի գործածութեան։
Հետաքրքրական է, որ երբ Շաւարշ Միսաքեան կը խմբագրէր «Ազատամարտ» շաբաթաթերթը, բացած էր հարցարան մը՝ հրապարակային խորհրդակցութեան նման։ Ասոր նպատակը հայերէնի երկու գրական տարբերակներու մերձեցման, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միաձուլման հնարաւորութիւններու մասին պատկերացում կազմելն էր։ Հարցարանին պատասխանեցին զանազան մտաւորականներ եւ լեզուաբաններ։ Եզրակացութիւնը մէկն էր՝ վաղաժամ էր միացման փորձը։ Ինչպէս կը գրէ Շաւարշ Նարդունի վերոյիշեալ յօդուածին մէջ՝
- 20 Անդ, էջ 2։
Այս վերջին տարիներուն՝ ձայն մը լսուեցաւ Երեւանէն, ապահովաբար իմաստակի մը յայտարարութիւնը, որ պետական լեզու կը յայտարարէր արեւելահայերէնը, իսկ արեւմտահայերէնը՝ կորստեան դատապարտուած իբրեւ գաւառաբարբառ։ Շ. Միսաքեան պատասխանեց անմիջապէս՝ պաշտպանելով արեւմտահայերէնի պատմական արժէքը, դերը եւ իրաւունքները20։
- 21 Անդ, էջ 2։
- 22 Տե՛ս «Յառաջ», 30-31 Մայիս 2009, թ. 22.214, էջ 2։
15Աւարտելով իր այդ յօդուածը՝ Նարդունի կը գրէր. «Ինչքան ալ յոռետեսութիւն ներշնչէ ժամանակը, ինչքան ալ յուսահատութիւն պատճառեն քաղաքական դէպքերը, արեւմտահայերէնի ախոյեանները պիտի պաշտպանեն հայ լեզուի այս հրաշալի ծաղիկը գրագէտի իրենց պատիւով, եւ պիտի մշակեն զայն իրենց տաղանդով։ Աղէտներու մասին խօսողները կը մոռնան մէկ բան,– հայ լեզուն փիւնիկ մըն է։ Սխալած մարգարէները վաղը պիտի ըսեն,– հրա՞շք մըն է։ Հրաշք մը չէ՞, արդէն, տեսնել որ հողէն ու ժողովուրդէն կտրուած՝ ծաղկեր է աննման գարնան մը զգեստաւորումով»21։ Տարբեր առիթներով բազմիցս նշուած է եւ կը նշուի անցեալ եւ արդի հայ մտաւորականներու կողմէ, որ Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան տեսանկիւնէն նոյնպէս անչափ կարեւոր է արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ զարգացումը՝ որպէս կենդանի խօսուող լեզու։ «Վերջապէս, հրաշալի ծաղկումներու իր ընդունակութեան համար չէ՞, որ կը պահանջուի ժողովուրդը վերդարձնել իր հողերուն վրայ։ Ահա արեւմտահայերէնի ախոյեանին հանգանակը եւ կտակը, այնքան որքան ծանօթ է ինծի»,- կ’եզրափակէ Նարդունի 1958-ին տպուած իր յօդուածին մէջ, որ վերատպուեցաւ «Յառաջ»ի վերջին թիւին մէջ 2009 թուականին22։
*
16Այսպիսով, կրնանք ըսել, որ «Յառաջ» օրաթերթը ամբողջ մէկ դարաշրջան կը խորհրդանշէ Ֆրանսայի հայ համայնքի պատմութեան մէջ։ Սկիզբ առնելով Հայաստանի խորհրդայնացման գրեթէ առաջին շրջանէն, Երկրորդ Աշխարհամարտի պատերազմական շրջանը բացառեալ՝ ան անխափան կը մտնէր ընթերցասէր ֆրանսահայ գրագէտներու տուները եւ ազգային հիմնարկները (նաեւ քանի մը տասնեակ բաժանորդներ ունէր արտերկրի հայախօս համայնքներու մէջ), շարունակաբար մինչեւ որ նորանկախ Հայաստանը կը մօտենար իր 20ամեայ յոբելեանին։ Այս խորհրդանշական դարաշրջանի ընթացքին «Յառաջ»ը իբրեւ փարոս եւ ուղենիշ ծառայեց արեւմտահայախօս Սփիւռքին համար, անուրանալի ներդրում ունեցաւ պետականազուրկ արեւմտահայ լեզուի յղկման եւ զարգացման, արդիականացման գործին մէջ։ Անշուշտ, սոյն համառօտ ակնարկը՝ նախնական դիտարկումներով եւ որոշ կէտերու վրայ առաւել շեշտադրումներով, կրնայ հիմք դառնալ յետագայ խորազնին եւ համապարփակ հետազօտութեան, որուն մէջ ըստ առանձին փուլերու եւ ըստ առանձին հեղինակներու, մանրակրկիտ լեզուական օրինակներով եւ բաղդատական նիւթով կարելիութիւն պիտի ընձեռուի լեզուաշինութեան այս ամբողջական դարաշրջանն աւելի կատարեալ կերպով նկարագրելու։
Note de fin
1 1925-ին հիմնադրուած «Յառաջ» պարբերաթերթը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ ֆրանսահայութեան «այցեքարտ»ը եւ գոյատեւեց մինչեւ 2009։ Այդ 84 տարիներու ընթացքին, չհաշուած 1940-1945 թուականներու ընդհատումը, «Յառաջ»ի 22 հազար 214 թիւ լոյս տեսած է։
2 «Յառաջ»էն զատ, Ֆրանսայի մէջ հիմնադրուեցան այլ պարբերաթերթեր եւս, որ կա՛մ համեմատաբար ոչ-երկար կեանք եւ ոչ-մեծ տարածում ունեցան (ինչպէս՝ «Աշխարհ» շաբաթաթերթը, «Դրօշակ», «Կամք» եւ «Ապագայ» կուսակցական թերթերը), կա՛մ հրատարակուեցան եւ կը հրատարակուին ֆրանսերէն (ինչպէս Nouvelles d’Arménie եւ France-Arménie ամսագրերը. վերջինս ունի միայն 4 էջնոց միջադիր հայերէն յաւելուած)։
3 Սկզբնապէս «Յառաջ»ը եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի կազմակերպութեան պաշտօնաթերթ, յետագային, սակայն, որպէս անկախ թերթ տպագրուած է՝ թէեւ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ որոշակի վերապահումներով, որոնք կ’արտայայտուէին խմբագրականներուն մէջ։
4 «Յառաջ» անունը թարգմանութիւնն է գերմաներէն Vorwârtz բառի. այսպէս կը կոչուէր գերմանական SPD (le parti social-démocrate allemand) կուսակցութեան պաշտօնաթերթը, որ լոյս կը տեսնէր Լայփցիկի մէջ։ Ի դէպ, ՀՅԴ-ն «Յառաջ» անունով՝ ոչ-շարունակական թերթ հրատարակած է Երեւան (1919), Բաքու (1917), Կարին (Էրզրում - 1909), Թիֆլիս (1906) քաղաքներուն մէջ։ Էրզրումի «Յառաջ»ը խմբագրած է 22-ամեայ Շաւարշ Միսաքեան, ով յետագային Փարիզի մէջ կը հիմնէ համանուն օրաթերթը։
5 «Յառաջ», 1 Օգոստոս 1925, թ. 1, էջ 1։
6 Շ․ Միսաքեան, «Յանուն լեզուի անկախութեան», Հայկաշէն։ Վարուցան գրականութեան եւ արուեստի, հ․ 2, Փարիզ, տպ․ «Արաքս», 1943 https://arar.sci.am/dlibra/publication/12459/edition/11063/content։
7 Անդ, էջ 1։
8 Անդ, էջ 1։
9 Անդ, էջ 2։
10 «Յառաջ», 8 Յունուար 1957, թ. 7776, էջ 1 (արտատպուած՝ 30-31 Մայիս 2009, թ. 22.214, էջ 2)։
11 Անդ, էջ 1։
12 Սկիզբը՝ «Յառաջ», 7 Օգոստոս 1925, 3, էջ 1։
13 «Յառաջ», 26 Յուլիս 1958, թ. 8252, էջ 2 (արտատպուած՝ 30-31 Մայիս 2009, թ. 22.214, էջ 2-3)։
14 Անդ, էջ 2։
15 Անդ, էջ 2։
16 Անդ, էջ 2։
17 Անդ, էջ 2։
18 «Ի՞նչ յատկանիշով կը ներկայանայ այս տարազը։ Նախ ուղիղ քերականութիւն մը։ Չխախտել համաձայնութեան աւանդական օրէնքները՝ իրենց յետին մանրամասնութեան մէջ» (Անդ, էջ 2)։
19 Անդ, էջ 2։
20 Անդ, էջ 2։
21 Անդ, էջ 2։
22 Տե՛ս «Յառաջ», 30-31 Մայիս 2009, թ. 22.214, էջ 2։
Haut de pageTable des illustrations
![]() |
|
---|---|
Légende | Chavarch Missakian |
Crédits | Collection Bibliothèque Nubar de l’UGAB, Paris |
URL | http://0-journals-openedition-org.catalogue.libraries.london.ac.uk/eac/docannexe/image/3403/img-1.jpg |
Fichier | image/jpeg, 363k |
Pour citer cet article
Référence papier
Տորք Դալալեան, « Արեւմտահայերէնի կանոնարկման եւ զարգացման հարցերը «Յառաջ»ի էջերուն մէջ », Études arméniennes contemporaines, 15 | 2023, 191-200.
Référence électronique
Տորք Դալալեան, « Արեւմտահայերէնի կանոնարկման եւ զարգացման հարցերը «Յառաջ»ի էջերուն մէջ », Études arméniennes contemporaines [En ligne], 15 | 2023, mis en ligne le 01 avril 2024, consulté le 18 février 2025. URL : http://0-journals-openedition-org.catalogue.libraries.london.ac.uk/eac/3403 ; DOI : https://0-doi-org.catalogue.libraries.london.ac.uk/10.4000/eac.3403
Haut de pageDroits d’auteur
Le texte seul est utilisable sous licence CC BY-NC-ND 4.0. Les autres éléments (illustrations, fichiers annexes importés) sont « Tous droits réservés », sauf mention contraire.
Haut de page